2014-12-28 12:19:31

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Սուրբ Ընտանիքի բերած լոյսը փրկութեան պարզ եւ պայծառ լոյս մըն է''։


(Ռ.Վ. 28 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի, 28 դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց, 2014 տարւոյն վերջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ արտասանած իր խորհրդածութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց օրուան ծիսական տօնին` Սուրբ Ընտանիքին եւ Աւետարանական հատուածին որ քաղուած է Ղուկասի Աւետարանի երկրորդ գլուխէն, 22-24 համարներ, ուր Մարիամ ու Յովսէփ օրէնքի համաձայն Յիսուսը կը տանին Երուսաղէմի տաճար, Զինք Տիրոջ ընծայելու համար։
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ այս առթիւ Սուրբ Ընտանիքին` տաճարին երկու ծերունիներուն հետ ունեցած հանդիպումի մասին։ Սիմէոն Եւ Աննա որոնք ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն փառաբանեցին Աստուած այդ մանուկին համար, որուն մէջ ճանչցան Մեսիան։ Մարգարէական պահ մը ուր երկու սերունդ իրարու կը հանդիպին Յիսուսին միջնորդութեամբ։ Յիսուս այն Անձն է որ սերունդները իրարու կը մօտեցնէ, Ան սիրոյ ակնաղբիւրն է որ ընտանիքներն ու մարդիկը իրար կը միացնէ յաղթահարելով ամէն նախապաշարում, կղզիացում եւ հեռաւորութիւն։ ''Այս մէկը մտաբերել կու տայ նաեւ մեծ մայրիկներու եւ պապիկներուն թանկարժէք ներկայութեան կարեւորութիւնը ընտանիքներուն եւ ընկերութեան մէջ '', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու յատուկ ողջոյն մը ուղղեց աշխարհի բոլոր տարեցներուն։
Ան ապա հաստատեց թէ ''Յիսուս Մանուկը իր մօր Մարիամին եւ Սուրբ Յովսէփին հետ միասին, ընտանիքի պարզ բայց պայծառ խորհրդանիշն են եւ թէ այդ ընտանիքէն ցոլացող լոյսը ողորմութեան եւ համայն աշխարհի փրկութեան լոյսն է. լոյս ճշմարտութեան` ամէն անհատի ու մարդկային ընտանիքին համար։
''Այս լոյսը ոը կը բխի սուրբ ընտանիքէն մեզ կը քաջալերէ մարդկային ջերմութիւնը նուիրելու այն ընտանիքներուն ուր, այլազան պատճառներու բերումով, կը պակսի խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն ու ներում եւ այն ընտանիքներուն որոնք դժուար կացութեան մէջ կ՛ապրին'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց` աղօթել բոլոր ընտանիքներուն համար հուսկ խօսքը եզրափակեց ընտանիքի Թագուհի` Մարիամին յանձնելով աշխարհի բոլոր ընտանիքները, որպէսզի կարենեան ապրիլ հաւատքի համերաշխութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.